Ռատիօ Երազը Սուրիոյ առաջին առցանց հայկական ռատիօ կայանն է, որ սուրիահայութեան յատկապէս հալէպահայութեան ձայնը կը հասցնէ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ 2009-էն ի վեր: Կայանը կ՛ընդգրկէ Սուրիոյ գաղութային կեանքին վերաբերող հաղորդակցութիւններ, զանազան տօնակատարութիւններու ուղիղ սփռում, ինչպէս նաեւ երաժշտական եւ մշակութային ծրագրեր: