Главная Подкасты Բազմազան Արեւելքներ
Բազմազան Արեւելքներ

Բազմազան Արեւելքներ

Tigrane Yegavian 9 Эпизоды июн 10, 2026

Արեւելքի քրիստոնեաներու հիմնարկին փոտքասթը, որը ներկայացնում է բազմազան արեւելյան մշակույթներն ու պատմությունները: Հաղորդավարն է Tigrane Yegavian:

Эпизоды

Պէյրութէն մտածելով հայկական աշխարհը
Պէյրութէն մտածելով հայկական աշխարհը июн 10, 2026 21:05 Այս յայտագրին հիւրն է Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքէսեան։ Ան կը ներկայացնէ իր գիտահետազօտական գործունէութիւնը, սփիւռքագիտութեան եւ արդի հայկական աշխարհին վերաբերող ուսումնասիրութիւնները։ Զրուցակիցները նաեւ կ'անդրադառնան Հայկազեան համալսարանի ինքնութեան, անոր առանձնայատուկ տեղին Լիբանանի եւ համահայկական իրականութեան մէջ, ինչպէս նաեւ համալսարանին ու
Խաչիկ Թէօլէօլեան. Սփիւռքի տեսաբանը արդի ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրներուն առջեւ
Խաչիկ Թէօլէօլեան. Սփիւռքի տեսաբանը արդի ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրներուն առջեւ май 11, 2026 52:13 Հայ սփիւռքի ամէնէն նշանաւոր տեսաբաններէն մէկը՝ Խաչիկ Թէօլէօլեան կը ներկայացնէ իր կեանքի ճանապարհը եւ կը բաժնէ իր վերլուծութիւնները հայ անդրազգի ներկայ վիճակին մասին։ Այս զրոյցին մէջ ան կ՚անդրադառնայ արդի ժամանակաշրջանի ամէնէն հրատապ հարցերուն՝ Արցախի կորուստէն մինչեւ պետութեան եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւններուն։ Այս հազուագիւտ առիթ մըն է լսելու այն սփիւռքագէտին, որ քառասուն տարիներէ աւելի նուիրա
Հայագիտութիւնը Ժամանակակիցութեան Դիմաց
Հայագիտութիւնը Ժամանակակիցութեան Դիմաց апр 8, 2026 47:49 Անահիտ Տօնապետեան-Տէմոփուլոս 1991 թուականէն ի վեր ԻՆԱԼՔՕ համալսարանի հայագիտական բաժինի պատասխանատու է։ Իբրեւ արեւմտահայերէնի մասնագէտ լեզուաբան` ան իր կեանքը նուիրած է սփիւռքի մէջ վտանգուած այս լեզուին պահպանութեան եւ փոխանցման։ Հիմնադրած է Հայագիտական Միջազգային Մագիստրոսի ծրագիրը (IMAS) եւ ստեղծած է արդի գործիքներ՝ բառարաններ, քերականական ուղեցոյցներ, թուային տուեալներու հարթակներ։ Համալսարանի
Եկեղեցի եւ իշխանութիւն՝ Հրաչ Չիլինկիրեանի վերլուծութեամբ
Եկեղեցի եւ իշխանութիւն՝ Հրաչ Չիլինկիրեանի վերլուծութեամբ апр 4, 2026 34:00 Հասարակագէտ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մասնագէտ Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ խոր զրոյց մը՝ Եկեղեցւոյ վարչակարգին մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Արեւմուտքի աշխարհականացման ծիրէն ներս, ինչպէ՞ս կը վերափոխուի Հայ Առաքելական եկեղեցին։ Ի՞նչ են Հայաստանի պետութեան եւ Մայր Սուրբ Աթոռ Էջմիածնի միջեւ եղած լարուածութիւններուն ազդեցութիւնները սփիւռքեան համայնքներուն վրայ։ Վերլուծութիւն մը՝ Հայ եկեղեցւոյ ներկային եւ ապագա
«MIASIN» հարթակը եւ թուային սփիւռքը
«MIASIN» հարթակը եւ թուային սփիւռքը мар 12, 2026 43:46 Զրոյց Վարդան Գաբրիէլեանի հետ, համահայկական թուային «Miasin» հարթակի հիմնադիր։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
Հայագիտութիւնը երէկ եւ այսօր
Հայագիտութիւնը երէկ եւ այսօր фев 27, 2026 52:49 Հայագէտ Զաւէն Եկաւեան 28 տարի շարունակ ղեկավարած է Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը։ Անոր փորձառութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ ունեցած սերտ կապերով, ինչպէս նաեւ իր անձնական ապրումները, զինք կը դարձնեն հայագիտութեան պատմութեան էական վկայ։ Անոր հետ միասին կը վերարժեւորենք պատմութեան էջերը՝ աւելի լաւ ըմբռնելու համար այս ոլորտին առնչուող անցեալի եւ արդի մա
Արժանթինահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը
Արժանթինահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը фев 22, 2026 35:25 Խաչիկ Տէր Ղուկասեան արժանթինահայ մտաւորական եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ է։ Ան կը բաժնէ իր վերլուծութիւնը արժանթինահայ համայնքին իրավիճակին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, նկատի առնելով, որ սփիւռքը կ՚ենթարկուի արագ փոփոխութիւններու։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
ի՞նչ կը նշանակէ այսօր «Արցախի հարց» ը՝
ի՞նչ կը նշանակէ այսօր «Արցախի հարց» ը՝ фев 10, 2026 42:49 Արցախը կորսնցուցած է իր տարածքը, բայց արդեօ՞ք իր քաղաքական գոյութիւնը եւ իր հարցը փակուած են։ Զրոյց Յովհաննէս Գէորգեանի հետ, Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
Ի՞նչ դեր եւ ի՞նչ վկայութիւն ունի Հայ Առաքելական Եկեղեցին սփիւռքեան կեանքին մէջ։
Ի՞նչ դեր եւ ի՞նչ վկայութիւն ունի Հայ Առաքելական Եկեղեցին սփիւռքեան կեանքին մէջ։ фев 4, 2026 35:17 Ծայրագոյն վարդապետ Հայր Պարոյր Շէրնէզեան Լիբանանի Պիքֆայա Հայ Առաքելական Դպրեւանքի վերատեսուչն է։ Այս երիտասարդ հոգեւորականը կը վկայէ իր առաքելութեան եւ յանձնառութեան մասին՝ նուիրուած հաւատքի փոխանցմանն ու էկումենիզմին՝ արագ փոփոխուող աշխարհի մը մէջ։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
ինչպէս՞ կը փոխուի սփիւռքը
ինչպէս՞ կը փոխուի սփիւռքը фев 4, 2026 34:13 Նորա Սարաֆեան-Թաչճեան լիբանանահայ կրթական մշակ մըն է, որ երկար տարիներ ներգրաւուած եղած է սփիւռքահայ կրթութեան, մշակոյթի եւ փոխանցման հարցերուն մէջ։ Լիբանանի հայ կրթական միջավայրէն եկած՝ ան այսօր կը ղեկավարէ Ալֆորվիլի Հայ Մշակութային Տունը եւ կը հանդիսանայ Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակութային կեանքի ակտիւ դերակատար։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

Рекомендуемое